Հալեպը դարձյալ հրթիռակոծվել է, Նոր Գեղիում բնակարաններ են ավերվել
Երէկ եւ այսօր Հալէպի մէջ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ կազի պայթուցիկ տակառներով հրթիռակոծեցին Հալէպի խաղաղ բնակչութիւնը, յատկապէս Նոր Գիւղի շրջանը, գրում է «Գանձասար» պարբերականը։
Ճեմարանի պողոտային վրայ երկու օրեր շարունակ ինկած կազի պայթուցիկ տակառներուն եւ հրթիռներուն պայթումին հետեւանքով քանդուեցան բնակարաններ եւ արձանագրուեցան նիւթական վնասներ։
Թաղամասին էլեկտրաէներգիա մատակարարող մեքենան վնասուեցաւ եւ բնակչութիւնը զրկուեցաւ ամբերներու ելեկտրականութենէն եւս։ Նոր Գիւղի տղաքը փութացին բնակչութեան օգնութեան եւ անմիջապէս նորոգել սկսան մեքենան՝ շրջանի բնակչութեան համար կրկին հնարաւոր դարձնելու ամբերներու օգտագործումը։