«Արևելք». Թուրքիայի հետ «սիրալիր» երկխոսության երազները խորտակվում են
«Արևելք» պարբերականը գրում է.
«Վերջին տարիներուն հայկական պետական, քաղաքական թէ գաղութային շրջանակներուն մէջ գունագեղ երազներ շրջագայեցան մերօրեայ սուլթան Էրտողանի եւ ժպտացող Տավուտօղլուի կառոյցներուն, վարչակարգին հետ երկխօսութիւն ծաւալելու եւ իբր թէ պատմական «հաշտեցման» գալու: Բազմաթիւ` յայտնի եւ գաղտնի հանդիպումներ տեղի ունեցան, փրոթոքոլներ ստորագրուեցան, Միրտանօղլուներ Սփիւռքի երբեմնի մայրաքաղաքներուն մէջ Անգարայի եւ Պոլսոյ պալատականներուն գովքերը հիւսեցին, նշելով Սուրբ Փրկիչ հիւանդանոցին եւ քանի մը հայապատկան կալուածներուն բարեգո՜ւթ սուլթան Էրտողանի հայասէր նուիրատուութիւններուն մասին: Մինչ այդ Արեւմտահայ թէ Արեւելահայ համագումար «գոնկրէսներ» միամտաբար ջերմ հանդիպումներ ունենալով Թուրքիոյ մերօրեայ Իթթիհատականներուն հետ, ոտնակոխեցին ազգային ազատագրական պայքարի ելած կրօնափոխ ՙքրտացած՚ հայերու, քիւրտերու, զազաներու, քզըլպաշներու պատիւն ու նահատակները:
Էրտողանեան վարչակարգի պարագլուխներուն խոստանալով հողային պահանջքներ չներկայացնել, հայ ժողովուրդին հանդէպ գործուած ահաւոր Ցեղասպանութիւնը ուրանալ, փոխարէնը, իբր թէ վնասուց հատուցման պարարտ պահանջքներու իրաւաբանական ցուցակներ կազմել, որոնք, ինչպէս որ ցոյց տուին այս օրերուն տեղի ունեցող իրադարձութիւնները` այդ բոլորը փաստօրէն, ոչ մէկ արժէք ունեցան:
Քոպանիի հերոսամարտէն ետք, ուր առաջին անգամ հայ-քիւրտ զազա-եզիտի ժողովուրդներուն միացեալ զէնքը ծանր պարտութեան մատնեց Էրտողանի եւ Թուրքիոյ յատուկ ծառայութիւններու ՏԱՀԷՇ-ը, որ արիւնախում մարդասպաններու վոհմակ է: Մինչ Ինճիրլիքի օդային խարիսխին փոխարինելու եկաւ Էրպիլը, ամբողջ Եւրոպայի յիմար ղեկավարներուն գլխուն պատուհաս դարձած ՏԱՀԷՇն ու «Ժէպհէթ Նուսրա»ն իրենց չէչէն, աֆղան եւ այլ ցեղասպան ղեկավարներով, խայտառակեցին Անգարան, դիմակազերծ ընելով անմեղ գառնուկի դէմքով գործող յօշոտող, բզկտող գայլը... Անմիջապէս Թուրքիոյ ամերիկեան ռազմական խարիսխները վերաբացուեցան եւ փոխանակ ՏԱՀԷՇ¬ը ռմբակոծելու, Թուրքիոյ ռազմա-օդային ուժերը անխնայ հարուածեցին քրտական գիւղերն ու Քիւրտիստանի Բանուորական Կուսակցութեան խարիխսները: 1908 թ.-ի իթթիհատականներու խաբէութեամբ, դրժեցին սուտ եւ կեղծ խաղաղութեան խոստումները, հարիւրաւոր զոհեր խլելով նաեւ հարեւան իրաքեան Քիւրտիստանի, Իրաքի եւ Սուրիոյ խաղաղ բնակիչներէն:
Ձեռնոցը նետուած էր, 35 միլիոն հաշուող քիւրտերը, իրենց «քրտացած» եւ կրօնափոխ հայ եղբայրներու օժանդակութեամբ, պատերազմ յայտարարեցին սուլթանիկին դէմ եւ ամբողջ Թուրքիան տակն ու վրայ ըրին, լուծելով իրենց ազգակիցներուն վրէժը:
Այս բոլորէն ետք, տակաւին կան հայեր, Մայր Հայրենիքի, հայկական երեք միլիոննոց Ռուսիոյ, Թուրքիոյ թէ Սփիւռքի մէջ, որոնք տակաւին կջօրօրեն սին երազներ, առանց հասկնալու թէ Թուրքիա միայն բիրտ, զէնքի ուժի լեզուէն կը հասկնայ...
Ամբողջապէս համաձայն ենք, իրաքեան Քիւրտիստանի հայկական Հաւրէզ գիւղի հրամանատար Մուրատ Վարդանեանի խօսքերուն.- «Մենք առիւծներու նման պիտի նահատակուինք»»: