Արա Սանճեան. «Հայաստան» հիմնադրամը համահայկական չէ՞
Միչիգանի Դիրբորնի համալսարանի Հայագիտության կենտրոնի տնօրեն, պրոֆեսոր Արա Սանճեանը ֆեյսբուքյան գրառմամբ անդրադարձել է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի դրամահավաքին: Նա գրել է.
«Այն ինչ, որ պիտի գրեմ հիմա՝ «Հայաստան» հիմնադրամի տարեկան թելեթոնին առնչութեամբ, մտածուած էր երբ այս տարուան թողարկման առաջին, երեւանեան հատուածին կը հետեւէի։ Տասը միլիոնի հասնող հանգանակութեան վերջնարդիւնքը որեւէ ազդեցութիւն չունեցաւ գրելիքիս վրայ։ Ի դէպ, վիճակագրութիւնը սիրող ընթերցողներուն համար գրեմ թէ յայտարարուած գումարը ամենացածն է 2005 թուականի թելեթոնէն ի վեր, եւ ասիկա չորրորդ յաջորդական տարին է ուր խոստացուած գումարը հետեւողական անկում կը կրէ։
Հիմնադրամի ամէնամեայ թելեթոնները դարձած են չափազանց միօրինակ, յատկապէս՝ իրենց գաղափարական բովանդակութեամբ։ Կարծես կանխատեսելի եկեղեցական արարողութեան մը կը հետեւիս, ուր ի սկզբանէ գիտես թէ նոյն ձայնասկաւառակն է, որ անփոփոխ պիտի կրկնուի անցեալ տարիներուն նման։ Նախագահներու, վարչապետներու, գործադիր տնօրէններու փոփոխութիւնները ոչ մէկ փոփոխութիւն կը մտցնեն ամէն տարի կրկնուածին մէջ։
Իբրեւ օրինակ, նշեմ փոփոխութեան մէկ առաջարկ։ (Եթէ յառաջիկայ օրերուն ազատ ժամանակ գտնեմ, մէկ-երկու յաւելեալ բան եւս կը փորձեմ գրել։)
2017 թուականին՝ նախքան 2018 Ապրիլ-Մայիս ամիսներուն իրականացած ժողովրդական ըմբոստացումն ու քաղաքական փոփոխութիւնը, այլ կապակցութեամբ գրած էի. «1991-ին Հայաստանի վերանկախացումէն ետք սփիւռքի հետ յարաբերութիւններու քննարկումը եւ մեծ մասամբ նաեւ անոնց գործնականացումը դրուած է գործադիր իշխանութեան ուսերուն։ Ներկայ Հայաստանը` ըստ իր Սահմանադրութեան, ժողովրդավարական պետութիւն է։ Երկրի ղեկավարման մէջ մեծ դեր վերապահուած է իրարու դէմ, հաւասար պայմաններու ներքոյ մրցելիք կուսակցութիւններուն։ Այս կուսակցութիւնները` ունենալով տարբեր աշխարհահայեացքներ, հաւանական է, որ նաեւ տարբեր պատկերացումներ որդեգրեն Հայաստան-սփիւռք փոխյարաբերութիւններուն վերաբերեալ։ Ժողովրդավարութեան դասական ըմբռնման համաձայն, կառավարութեան քաղաքականութիւնը` իր անխուսափելի վերիվայրումներով, պիտի յստականար միջկուսակցական բանավէճի ընթացքին` ընտրութիւններու ժամանակ քուէարկողներուն անմիջական յանձնարարականներով։ Բայց Հայաստանը` 1995-էն առ այսօր չէ կրցած ժողովուրդի համընդհանուր վստահութեան արժանանալ, արդար եւ օրինական ընտրութիւններ կայացնել, որու հետեւանքով ալ 1996-էն սկսեալ Հայաստանի բոլոր նախագահները անօրինակարգ համարուած են իրենց քաղաքացիներուն կարեւոր մէկ մասին, ինչպէս եւ երկրէն ներս գործող շարք մը ազդեցիկ քաղաքական ուժերու կողմէ։
«Այս իրողութիւնն արգելք հանդիսացած է, որ հայրենիքն ու սփիւռքը մէկտեղելու առաջադրանքով կազմակերպուած բոլոր մեծ հաւաքներուն Հայաստանը ներկայանայ իր քաղաքական, գաղափարախօսական ու մշակութային ամբողջ բազմազանութեամբ։ Ընդդիմադիր բազմաթիւ ուժեր բացակայած են այս հաւաքներէն ու վերջիններս վերածուած են Հայաստանի պետական պաշտօնեաներու եւ սփիւռքէն հրաւիրուած կազմակերպութիւններու եւ անհատներու միջեւ երկխօսութեան։ Գուցէ հայաստանեան կողմի ամբողջական ներկայացուցչականութեան բացակայութեան հետեւանքով է, կամ ալ` Հայաստանէն եւ սփիւռքէն մասնակիցները մասամբ կաշկանդող աւելի խոր բարոյահոգեբանական պատճառներու, որ այս հաւաքներու օրակարգէն դուրս մնացած են բազմաթիւ հիմնահարցեր, ինչպէս` սփիւռքեան տարբեր հատուածներու ակնկալիքներուն շարադրումը Հայաստանէն, կամ հակառակը` Հայաստանի հասարակութեան այլազան շերտերուն սպասումները աշխարհասփիւռ Հայութենէն, կամ թէ ինչպէ՛ս պէտք է վերաբերիլ եթէ այդ երկու հատուածներէն մէկը համաձայն չըլլայ միւսի օրակարգին։ Չեն քննարկուած նաեւ այն պայմանները, որոնց առկայութեան պարագային աւելի շատ պիտի ըլլար ներգաղթը ե՛ւ յետեղեռնեան, աւանդական ե՛ւ նոր, յետխորհրդային սփիւռքներէն։ Ի հարկէ, այսպիսի հաւաքներ կամ հայկական պետականութիւնը միայնակ ի վիճակի չեն այս բոլորը լուծելու, բայց արժէր որ այս տիպի հաւաքներով հիմքերը դրուէին այս լրջագոյն հարցերուն մանրազնին, գիտական ուսումնասիրութեան եւ անոնց լուծումներ գտնելու քննարկման»:
Այս տողերը միտքս եկան երբ թելեթոնի առաջին բաժնին ընթացքին շարան-շարան երեւանեան տաղաւար հրաւիրուեցան ՔՊ-ական նախարարներ։ Հակառակ որ 2018 թուականի ընտրութիւններուն օրինականութիւնը երբեք չվիճարկուեցաւ, Հայաստանի մէջ գործունէութիւն ծաւալող քաղաքական որեւէ այլ ոյժի ներկայացուցիչի խօսափող չտրամադրուեցաւ՝ համայն հայութեան մասնակցութեան կոչ ընելու։ Երկինքը փո՞ւլ պիտի գար եթէ առնուազն տաղաւար հրաւիրուէին նաեւ Հայաստանի խորհրդարանին մէջ գործունէութիւն ծաւալող Բարգաւաճ ու Լուսաւոր Հայաստան կուսակցութիւններէն ներկայացուցիչներ։ Այս հիմնադրամը համահայկական չէ՞։ Խորհրդարանի, ոչ-իշխանական կուսակցութիւնները Հայաստանի պետականութեան մէկ մասը չե՞ն։ Մի քանի օր առաջ շատ ուրախալի էր տեսնել ընդդիմադիր կուսակցութեան ներկայացուցիչին ընտրութիւնը փտածութեան դէմ պայքարելիք խորհուրդի նախագահի պաշտօնին։ Լաւ չ’ըլլա՞ր եթէ Հայաստանի խորհրդարանին մէջ ներկայացուած բոլոր կուսակցութիւններուն ալ ի պաշտօնէ տեղ տրուի հիմնադրամի աշխատանքներուն մէջ։ Ասիկա չ’աւելցնե՞ր հիմնադրամի հեղինակութիւնն իբրեւ համահայկական կառոյց»։
Գրառմանը օգտատերերից մեկը (Hovic Atokian) հետևյալ մեկնաբանությունն է արել. «Բայց գումարին պակսիլը բնական է, որովհետեւ հիները կ՛երթան (աւելի հայախօս եւ հայրենիքի հետ կապ պահող) եւ կը մնան նորերը (աւելի անտարբեր իրենց հայութեան նկատմամբ), ուրեմն ակնկալէ որ այդ գումարը օր մը պիտի հասնի 0-ի»։
Մեկ այլ օգտատեր (Sevak Sevan Arshakian) մասնավորապես գրել է. «Հիմնադրամի» և Սփյուռքի նկատմամբ ՀՀ իշխանության քաղաքականության ձախողության պատճառը այն է, որ ՀՀ նոր իշխանությունները, կատարում են նույնը ինչ անում էին հները, սպասելով նոր արդյունք։ Ցանկացած գործ հաջողելու համար, պետք է լսել մասնագետներին, լինել առարկայական, ունենալ հստակ նպատակ, ծրագիր և մեխանիզմ»:
Հարակից հրապարակումներ`
Լրահոս
Տեսանյութեր
Եթե Տավուշի գյուղերի հանձնման պրոցեսը տեղի ունենա, այդտեղից կսկսվի պետականության վերջնական ավարտը