Սիրիահայ լրագրողը հարձակման է ենթարկվել «Արևելք»
Սուրիահայ լրագրող և վերլուծաբան Գէորգ Ալմասեան Բեռլինում մահափորձի է ենթարկվել։ Այս մասին «Արևելքը» տեղեկություն է ստացել Բեռլինից։
«Մանրամասնութիւններուն մէջ, հանրային վայրի մը մէջ գտնուած պահուն անծանօթ անձ մը փորձած է սառը զէնքով յարձակիլ մեր հայրենակիցին վրայ, եւ Գէորգ կարողացած է խուսափիլ անոր հարուածներէն։
Ալմասեան, որ դէպքին մասին հանդէս եկած է գրառումով, ըսած է, որ եղածը մահափորձ էր եւ ինք կարողացած է փրկուիլ մարզիկի իր ունակութիւններուն շնորհիւ։
Յիշեցնենք, որ սուրիահայ վերլուծաբանը, որ վերջին մէկ տարուան ընթացքին կարողացաւ սուրիացի եւ արաբ հասարկութեան մօտ իր ստեղծած «Սիրիանա» եու-թյուպեան ալիքի ճամբով դառնալ հաւաստի աղբիւր, տարբեր առիթներով դարձած է Գերմանիա հաստատուած ռատիքալիստ խմբաւորումներու թիրախ։
Աւելի վաղ լուր տարածուած էր այն մասին, որ Գէորգ յայտնուած է Գերմանիայէն վտարուելու վտանգին առաջ, բան մը որ հերքուած էր Ալմասեանին կողմէ, եւ ըստ երեւոյթին օրինական ճանապարհներով ոչ մէկ արդիւնքի հասած ռատիքալիստներ կը փորձեն Գէորգը լռեցնել ահաբեկչութեան ճանապարհով։
Առողջութիւն կը մաղթենք հայազգի լրագրողին»,- գրում է «Արևելքը»։