Օքսֆորդի շրջանավարտ բեյրութահայ երիտասարդը Ստամբուլում անվճար հայերեն է դասավանդում իսլամացած հայերին
yerakouyn.com-ը գրում է, որ պէյրութահայ, Օքսֆորտ համալսարանի շրջանաւարտ Հրակ Փափազեան քանի մը ամիսէ ի վեր կամաւոր Պոլսոյ մէջ Տէրսիմի հայերուն արեւմտահայերէնի անվճար դասընթացք կը կազմակերպէ` հասարակական, մշակութային, կրթական, պատմական եւ կրօնի հարցերով ուսումնասիրութեամբ ու խորհրդատուութեամբ զբաղող «Հայ Դեր» եւ «Սեբաստիոյ հայերն ու անոնց բարեկամները» միութիւններու միատեղ ջանքերով:
«Այսօր հունձքի օր էր: Աշակերտներս ամիսներ ետք սկսան ինքնուրոյն կերպով, առանց օգնութեան, հայերէն նախադասութիւններ կազմել միայն հինգ վարկեանէն: Այսպիսով ստացայ «աշխատանքիս վարձատրութիւնը», նշած է Հրակ Փափազեան:
«Թերթ»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին երիտասարդ հայ ուսումնասիրողը պատմեց, որ իր աշակերտներուն մեծամասնութիւնը տէրսիմցի եւ սասունցի իսլամացած հայեր են, ինչպէս նաեւ անոնց մէջ կան սեբաստիացիներ, կեսարացիներ եւ կաստամոնցիներ:
Ամբողջական հոդվածը կարող եք կարդալ այստեղ: